Երկու Մօտ ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեւան (ISBN: 9786056444812)
En Ucuz : 9.6,
En Pahalı 9.6,
Toplam 1 Satıcı
Հրանդ Տինքը գիրք մը չունեցաւ երբեք: «Ես գիրք չունեցող գրող մըն եմ» կ՛ըսէր ինքն ալ ծաղրելով: Այս կատակը կարեւոր իրականութեան մը մատնանշում ալ էր անշուշտ: Հրանդը իսկական առումով գործիչ մըն էր: Սակայն Թուրքիոյ ժողովրդականացման գործընթացին ալ իր նպաստը բերաւ, երբ որպէս հիմնադիր ու խմբագրապետ Ակօսի՝ իր խօսքն ու գործը կը ծաւալէր Թուրքիոյ ամենահիմնական խնդիրներուն՝ ի մասնաւորի հայ-թրքական յարաբերութիւններու նկատմամբ:
Գիրքի վերածելի իր միակ գործն է այս՝ զոր պատրաստած էր թէսէվի համար եւ առիթը ունեցած՝ աւարտելու: Այստեղ Հրանդը անցեալն ալ նորոգելու թեկնածու նորանոր տեսակէտ մը կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վերաբերեալ հասարակաց ապագայի իր տեսլականով: Գիրքը թէեւ չէր հրատարակուած այդ շրջանին, բայց ատիկա խնդիր չէր իրեն համար...: Վաստակը վաստակ էր, յամենայն դէպս ի չիք դառնալու չէր: Նաեւ նոր յաւելումներ ընելու համար ահագին ժամանակ կար...:
Անոր վաստակը իր լրիւ նպատակն է նաեւ: Հիմա աւելի քան երբեք կարեւոր է հասկնալ Հրանդ Տինքին նպատակը, որպէսզի կեանքն ալ մահն ալ եղած չըլլան ի զուր